2016-12-11 12:08:00

Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը` ''Մեր սիրտը պատրաստենք ընդունելու համար Տէրը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 11 դեկտեմբեր 2016-ին,  իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքէն առաջ ներկայացուցած խորհրդածութեան մէջ  Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մեկնաբանելով օրուան սուրբ գրային ընթերցումները խօսքը կեդրոնացուց Սուրբ Պօղոսի Փիլիպեցիներուն ուղղած թուղթին մէջ պարունակուած հրաւէրին վրայ ''Միշտ ուրախ եղէք Տիրոջ մէջ, դարձեալ կը կրկնեմ` ուրախ եղէք'' (Փիլ 4, 4-5)։

''Մակերեսային ուրախութիւն մը չէ այս'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ''այլ իսկական ուրախութիւն մը` որ կը դպչի մեզի ներքնապէս, մինչ կը սպասենք Այն որ եկաւ փրկութիւնը բերելու աշխարհին։ Խոստացուած Մեսիան, որ ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ, Սուրբ Կոյս Մարիամէն։

Յիսուսին մեզի բերած փրկութիւնը համայն մարդկութիւնը կը վերակենդանացնէ։ Աստուած մեր պատմութեան մէջ մտաւ մեզ ազատագրելու համար մեղքի ստրկութենէն։ Եկաւ մեզի պարգեւելու նոր կեանք մը. Ան է որ մեզի ցոյց կու տայ ճանապարհը` հաւատարմութեան, յարատեւութեան ու համբերութեան ճանապարհը, որպէսզի երբ դարձեալ գայ, մեր ուրախութիւնը ըլլայ լիակատար''։

''Սուրբ Ծննդեան տօնը մօտ է ու անոր մօտիկութեան նշանները արդեն յայտնի են մեր տուներուն ու ճամբաներուն վրայ'', ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը ակնարկելով նաեւ հրապարակի վրայ զետեղուած մսուրին ու տօնածառին։

''Այս արտաքին նշանները մեզ կը հրաւիրեն լաւապէս ընկալելու Տէրը որ կու գայ բախելու մեր դռներուն. Այդ նշանները կը հրաւիրեն ճանչնալու անոր քայլերը մեր եղբայրներուն մէջ, որոնք մեր մօտէն կ՛անցնին, յատկապէս աւելի դիւրաբեկ ու կարիքաւոր եղբայրներուն մէջ''։

''Մենք կանչուած են ուրախանալու մեր Փրկչին գալստեամբ եւ հրաւիրուած ենք այս ուրախութիւնը բաժնեկցելու ուրիշներուն հետ, յոյս եւ սփոփանք տալով` աղքատներուն, հիւանդներուն ու տխուր եւ միայնակ մարդոց։ Սուրբ Կոյս Մարիամը` ''Տիրոջ Աղախինը'' թող մեզ օգնէ որպէսի աղօթքի մէջ կարենանք ունկնդրել Աստուծոյ ձայնը  ու Անոր ծառայենք մեր եղբայրներուն միջոցաւ, այնպէս որ Սուրբ Ծննդեան ժամադրութեան հասնինք պատրաստ, մեր սիրտը լաւապէս պատրաստելով Յիսուսը ընկալելու համար''։








All the contents on this site are copyrighted ©.